Skip to main content
Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս

By NORH

Նոր Յառաջի երկօրեայ լրահոսը

- երկրաշարժ Երեւանէն 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ
-
Available on
Apple Podcasts Logo
Google Podcasts Logo
Pocket Casts Logo
RadioPublic Logo
Spotify Logo
Currently playing episode

«Նոր Յառաջ» 2024 Մայիս 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոսMay 11, 2024

00:00
04:53
«Նոր Յառաջ» 2024 Մայիս 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մայիս 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Հայաստան կը մասնակցի Փարիզի «VIVA TECHNOLOGY 2024» ցուցահանդէսին։

ՀՌՈՄ - Ցուցադրուած է «Աւրորայի լուսաբացը» ժապաւէնը։

ՄՈՍԿՈՒԱ - Վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Փութինի հանդիպումը։

ԵՐԵՒԱՆ - Փաշինեան՝ Տաւուշի մէջ իրականացուող սահմանազատման մասին. «Եթէ կասեցնենք գործընթացը, սկսուելու է պատերազմ»։



May 11, 202404:53
«Նոր Յառաջ» 2024 Մայիս 7-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մայիս 7-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Կիրանց տանող ճամբան բացուած է։

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին անդամները Կիրանց գիւղէն քալերթով մեկնած են դէպի մայրաքաղաք։

Ազերպայճանի ժողովուրդին 96,2%-ը «Զանգեզուրը, Իրաւանը եւ Կէօյչան» կը համարէ ազերպայճանական պատմական հողեր։


Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի յայտարարութիւնը. «Շարունակական զիջումները չեն կրնար զսպել ազերպայճանական ծաւալապաշտութիւնը»։

ԼԻԲԱՆԱՆ - Հայաստանի դեսպանատան դիմաց նստացոյց՝ «Ո՛չ յանձնուողական քաղաքականութեան» բնաբանով եւ հանդիպում Հայաստանի դեսպանին Հետ։

May 07, 202406:33
«Նոր Յառաջ» 2024 Մայիս 4-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մայիս 4-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՖՐԱՆՍԱ - «Գորշ գայլեր»-ու ստորագրութեամբ հակահայ արձանագրութիւններ դպրոցի մը պատերուն վրայ։

ՖՐԱՆՍԱ - Տարմանէն խստօրէն կը դատապարտէ Պաքուի «չափազանց վնասակար միջամտութիւնը» Նոր Գալետոնիոյ մէջ։


Ազերպայճանցի սահմանապահներու յայտարարութիւնը։

ՄԱԿ-ի մէջ Թուրքիոյ դեսպան. «Հայաստան ճիշդ ճամբով կ՚ընթանայ»։

Ըստ Արման Թաթոյեանի՝ Ազերպայճան կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ բնակեցնել շուրջ 300 հազար Ազերպայճանցի։

May 04, 202407:26
«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 30-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 30-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Անն-Լոռանս Փեթէլ. «ԼՂ-ի հայկական ներկայութեան բոլոր հետքերը ջնջելը Ալիեւի վարչակազմի ծրագիրն է»։

Արցախի թեմի առաջնորդ. «100 տարի առաջ Ստալինի ձեռքով, հիմա էլ մէկ այլ անձի ձեռքով Արցախը յանձնուեց Ադրբեջանին, նոյն ձեռագիրը Տաւուշում է»։

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Ոգեկոչուած է վիպասան Րաֆֆիի յիշատակը։

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ - ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ  - Ոգեկոչուած է Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը։

Apr 30, 202406:32
«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 27-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 27-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Էմանիւէլ Մաքրոն. «Ֆրանսա այսօր կը նշէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը»։

ՓԱՐԻԶ - Քաղաքապետարանի ընդունելութեան պատուոյ հիւրն էր Արտակ Բեգլարեան։

ՖՐԱՆՍԱ - Ազերպայճան Պուռ-լէ-Վալանսի քաղաքապետարանէն կը պահանջէ վար առնել Արցախի դրօշը, որ կը ծածանի քաղաքի մուտքին։

ՊՈԼԻՍ - Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած ձեռնարկը։

«Զա՛րկ, երբ հալածում են քեզ». Ջահերով երթ դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք։

Apr 27, 202411:28
«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 25-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 25-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստան չի պատրաստուիր պшտերազմելու Լեռնային Ղարաբաղի համար»։

ԻՏԱԼԻԱ - Վենետիկի արուեստի միջազգային 60-րդ Երկամեային Հայաստան կը ներկայանայ Նինա Խեմչեանի «Արձագանգ» գործով։

Սողոմոն Թեհլիրեանի ազգականները արժէքաւոր նիւթեր յանձնած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին։

Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն Լէ Լիլայի մէջ (Փարիզեան շրջան)։

Apr 25, 202408:26
«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Տիգրան Համասեանի «Հող եւ ջուր» համերգը՝ Խուստուփ լեռան լանջին։

ՆԻՍ - «Թիէրի Մոլնիէ երկրորդական վարժարան»-ը կ՚անուանափոխուի. այսուհետեւ պիտի կոչուի «Մելինէ եւ Միսաք Մանուշեան երկրորդական վարժարան»։

Ալֆորվիլի «Սուրբ Մեսրոպ – Արապեան» վարժարանի աշակերտներուն այցելութիւնը Հայաստան։

ՊՈԼԻՍ – ՓԱՐԻԶ – ԱԼՖՈՐՎԻԼ - Պոլսոյ Ս. Խաչ Դպրեվանքի աշակերտները առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցան MUN Միջազգային ուսանողական հաւաքին։

Հայաստան՝ Ազերպայճանին կը յանձնէ վերջինիս պահանջած Տաւուշի շրջանի չորս գիւղերը։


Apr 23, 202415:05
«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 20-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 20-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Ռուս խաղաղապահները սկսած են մեկնիլ Արցախէն։

Ազերպայճան կը շարունակէ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց տաճարի «վերականգնումը»։

Ամսթերտամի մէջ Թումօ կեդրոն կը բացուի։

ՊՈԼԻՍ - Էսդուգեան եւ Արապեան՝ պարգեւատրուած։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ - Քաղաքական խորհրդակցութիւններ՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ։

Apr 20, 202408:05
«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 18-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 18-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Ֆրանսա խորհրդակցութեան համար ետ կը կանչէ Պաքուի իր դեսպանը։

ՖՐԵԶՆՕ - Հայկական գերեզմանոցը թիրախ առնող հրձիգը. ատելութեա՞ն ոճիր մը։

ՓԱՐԻԶ - Հայրենի քանոնահար Էլենա Թորոսեան Արուեստներու 28-րդ միջազգային մրցոյթ-փառատօնին արժանացած է «Մեծ մրցանակ»-ին։

Մելանի Ժոլի ողջունած է առաջին գանատացի փորձագէտին՝ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան միանալը։

Apr 18, 202405:47
«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՖՐԱՆՍԱ - Լիլի Քաղաքական գիտութիւններու համալսարանին մէջ կազմակերպուած  համաժողովին ներկայացուած են Հարաւային Կովկասի վերջին զարգացումները։

ՈՒՔՐԱԻՆԱ - Ուքրաինական Ուժհորոտ քաղաքին մէջ տեղադրուած է Սերգեյ Փարաճանովի քանդակը։

ՀԱԼԷՊ - Մեծարանքի հաւաք՝ ի պատիւ գնդապետ Արկադի Տօնոյեանի։

Apr 16, 202408:25
«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 13-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 13-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Վարչապետը ընդունած է Ֆրանսայի Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգային խորհուրդի նախագահուհի Մարթին Վասալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Ֆրանսահայ բեմադիր, դերասան Սիմոն Աբգարեան Երեւանի մէջ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Արիւնաստեղծ ցողունային բջիջներու պատուաստումը կեանքեր կը փրկէ։

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - «Արիլի» ամսագրին 2024-ի անդրանիկ թիւը ամբողջովին նուիրուած է հայ գրականութեան։

Apr 13, 202405:50
«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 11-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Ոգեկոչելով հռչակաւոր լուսանկարիչ Իտա Քարի յիշատակը։

ԻՏԱԼԻԱ - Մատենադարանի ութ ձեռագրեր կը ցուցադրուին Վենետիկի Դուքսերու պալատին մէջ։

Եւրոպական խորհրդարանի իտալացի երեսփոխան Սալինիի դիպուկ գրառումը Արցախի մասին։

Եւրոպական խորհրդարանի 24 երեսփոխաններ կը պահանջեն յստակ գործողութիւններ՝ ապահովելու Հայաստանի անվտանգութիւնը։

Ռուբէն Վարդանեան առաջադրուեցաւ 2024 թուականի Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակին։

ԵՐԵՒԱՆ - Բողոքի ցոյց՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ՝ «Ազատութի՛ւն Պաքուի ու Երեւանի բանտերը գտնուող քաղաքական բանտարկեալներուն» բնաբանով։

Apr 11, 202410:27
«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 9-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 9-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ - Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգային խորհուրդի նախագահ Մարթին Վասալի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը հայաստան։

Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսէ շուրջ 8,5 միլիոն տոլար յատկացնել Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն։

ՊՐԻՒՍԷԼ - Հայաստան-ԵՄ-ԱՄՆ բարձր մակարդակի հանդիպումէն առաջ Նիկոլ Փաշինեան, Ուրսուլա վոն տեր Լեյէն, Էնթընի Պլինքըն եւ Խոսեփ Պորէլ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։

Յառաջիկայ չորս տարիներուն Պրիւսէլ 270 միլիոն եւրօ, Ուաշինկթըն 65 միլիոն տոլար պիտի յատկացնեն Երեւանին։

Apr 09, 202406:45
«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 6-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 6-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՓԱՐԻԶ - «Նռան գոյնը» ֆիլմի ցուցադրութեամբ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ ծայր առին Սերգեյ Փարաճանովի 100-ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութիւնները։

ԳԱԼԻՖՈՐՆԻԱ - Էլէն Ասատրեան ընտրուած է Կլենտեյլի քաղաքապետ։

Լոյս տեսած է «Արցախ. անաւարտ պատերազմ» եռալեզու պատկերագիրքը։

Հայաստանի առաջին կին դիւանագէտ Տիանա Աբգարի դրոշմաթուղթը։

ՊՈԼԻՍ - Բացում՝ երանաշնորհ Մեսրոպ Բ․ պատրիարքի կիսանդրիին։

Apr 06, 202409:07
«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 4-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Ապրիլ 4-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Պաղեստինի Արտաքին գործոց եւ արտագաղթածներու հարցերու Պետական նախարար նշանակուած է Վարսեն Աղաբեկեան։

Գեղամ Ստեփանեան. «Արցախէն տեղահանուած շուրջ 11 հազար հոգի արտագաղթած է Հայաստանէն»։

Ֆրանսայի դեսպան Տըքոթինյի Սուրբ Զատկուան տօնին չէ մոռցած արցախահայերը։

ՖՐԱՆՍԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Անն-Լոռանս Փեթելի հանդիպումը Ռաշիտա  Տաթիի հետ՝ քննարկելու համար Ֆրանսա-Հայաստան մշակութային համագործակցութիւնը։

Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցի մը եւս վաճառքի հանուած է։

Apr 04, 202407:33
«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 30-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 30-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՊՐԻՒՍԷԼ - «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» նախաձեռնութիւնը Պրիւսէլի մէջ համախմբած է Եւրոպայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչները’

ՀԱՅԱՍՏԱՆ–ՖՐԱՆՍԱ - Վարչապետը ընդունած է Ֆրանսա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Անն-Լոռանս Փեթէլի գլխաւորած պատուիրակութիւնը’

Հայաստան շուրջ 30 թոն մարդասիրական բեռ ղրկած է Կազայի բնակիչներուն։

Սեւան Նշանեանի թարգմանութեամբ լոյս տեսած է «Թուրքիոյ հայկական աշխարհագրութիւնը» հանրագիտարանը։

Mar 30, 202408:05
«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 28-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 28-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՓԱՐԻԶ - Հայկական աւանդական երգ ու պարի աշխատանոց։

Ժ.-Ք. Պիւիսոնի ահազանգը ազերպայճանական սպառնալիքներուն մասին։

ՊՐԻՒՍԷԼ - Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նոր գրասենեակին բացման արարողութիւնը։

Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ վրացագիտութեան կեդրոնին բացումը կատարուած է։

Mar 28, 202413:13
«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 26-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 26-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Մոսկուայի համերգասրահներէն մէկուն մէջ ահաբեկչական արարք. 150-է աւելի մեռեալ, բազմահարիւր վիրաւորներ։

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ - Մոնթէվիտէոյի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բացումը կատարուած է։

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Գրական-գեղարուեստական երեկոյթ՝ «Յովհաննէս Թումանեանը եւ Վրաստանը» խորագրով։

ԳԵՐՄԱՆԻԱ - «Հաւատքի ճամբար» երիտասարդական հանդիպումը։

Mar 26, 202409:29
«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՓԱՐԻԶ - CCAF-ի տարեկան ընթրիքը՝ Ֆրանսայի վարչապետին մասնակցութեամբ. Աթթալ մեղադրեց Ռուսաստանն ու Ազերպայճանը։

ԿԼԵՆՏԷՅԼ - Խաչանով-Ռուպլով բարեսիրական խաղէն գոյացած աւելի քան 100.000 տոլարը կը տրամադրուի Արցախահայութեան։


ԼՈՆՏՈՆ - Իրաւապաշտպան Արման Թաթոյեան Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներուն ներկայացուցած է Պաքուի յանցանքները ապացուցող փաստեր։


ԹԻՖԼԻՍ - Փարաճանովի «Նռան գոյնը» պարային ներկայացումը մեծապէս խանդավառած է թիֆլիսցի հանդիսատեսը։

Mar 23, 202406:23
«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 21-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 21-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Փարիզեան շրջան - Օպերվիլիէ - «Հայկական սփիւռք(ներ)ը շարժումի մպջ» բնաբանով սփիւռքագիտութեան միջազգային գիտաժողովը։

Երեւան - Հայաստանի Ազգային գրադարանը հիւրընկալած է Սիլվէն Թեսոնը եւ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնը։

«Ազերպայճանի դէմ բողոքներէ հրաժարիլը անդարմանելի վնաս կը հասցնէ Հայաստանին»։ Հայաստանի եւ Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն յայտարարութիւնը։

ԻՏԱԼԻԱ - «Աւրորայի լուսաբացը»՝ մրցանակակիր։

ԻՏԱԼԻԱ - Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան օրը՝ Նափոլիի Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ։

Mar 21, 202410:21
«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 19-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 19-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՄԱՐՍԻԼԻԱ - Բացման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիի։

Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատուոյ շքանշանով կը պարգեւատրուին Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի, Միրիամ Լեքսման եւ Վիոլա Վոն Գրամոն-Թոպատըլ։

ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Հայաստան մասնակցած է Պերլինի միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին։

ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ - Լոնտոնի գիրքի միջազգային փառատօնի հարթակը Ազերպայճանի կողմէ օգտագործուած է քաղաքական եւ հակահայկական քարոզչութեան նպատակին։

Mar 19, 202409:40
«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Եւրոտեսիլ-2024» երգի մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Ladaniva-ն։

Հայաստանի մէջ «Ֆրանսախօսութեան օրեր 2024»-ը կը նուիրուին դիւանագէտ Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեանին։

ՊՈԼԻՍ - «Արաս» հրատարակչատան երդիքին տակ Եսայեան միութիւնը կը բանայ դռները։

ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻԱ - Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» հատորին շնորհահանդէսը։

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ - Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է բանաձեւ մը, որ կ՚առաջարկէ ուսումնասիրել ԵՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան թեկնածութեան կարելիութիւնը։

Mar 16, 202410:13
«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 14-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 14-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Թումօ կեդրոնը կը վերակառուցէ Գիւմրիի շուկան եւ կը հիմնադրէ միջազգային խոհարարական դպրոց մը։

ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ - «Օսքար»-ի արժանացած վաւերագրական ֆիլմին հայ հերոսը պատմած է Պաքուի ջարդերէն իր  փախուստին մասին։


Թէոդոսիա գտնուող Այվազովսկիի պատկերասրահը վերանորոգումէն ետք կը բանայ իր դռները։

Ազերի մարզիչը «արցախեան գորգ» նուիրած է գերման մրցակից ակումբի մարզիչին։

Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսէ 52 միլիոն տոլար յատկացնել Հայաստանին։

Mar 14, 202407:24
«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 12-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 12-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի կ՚ունենայ Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն վերաբերող համաժողովը։

ՓԱՐԻԶ - ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ Ապրիլ 3–5 տեղի կ՚ունենան Սերգեյ Փարաճանովի 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններ։

Հայաստան 84 միաւոր հնդկական «ATAGS» հրետանային սարքեր եւս կը գնէ։


ՊՐԻՒՍԷԼ - ԵՄ-ի ռազմական յանձնաժողովի նախագահը Հայաստանը կարեւոր գործընկեր կը համարէ։

Mar 12, 202406:60
«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 9-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 9-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՄԱՐՍԻԼԻԱ - Պօմոնի մէջ բացումը պիտի կատարուի Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին։

ԱՐՑԱԽ - Բարբարոսները արդէն քանդած են Ստեփանակերտի մէջ Խորհրդարանի շէնքը։

Պերլինի մէջ «Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը» գիրքի շնորհահանդէսը կը ջնջուի՝ Ազերպայճանի դեսպանատան ճնշումին պատճառով։

Գահիրէի հրապարակներէն մէկուն պիտի տրուի Հայաստանի անունը։

Փոխվարչապետի գրասենեակին համաձայն՝ Պաքու չ՚ընդունիր Հայաստանի 31 բնակավայրեր բռնագրաւուած պահելը։

Mar 09, 202408:03
«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 7-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 7-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Ազերի վանդալները կը քանդեն Արցախի խորհրդարանի շէնքը։

ԱԼՖՈՐՎԻԼ - Ս. Մեսրոպ – Արապեան վարժարանի 45-րդ տարեդարձը։

Կ՚ընդունուին  Համաշխարհային հայկական համաժողովին մասնակցութեան  դիմումները։

ԵԳԻՊՏՈՍ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ապտել Ֆաթթահ ալ-Սիսիի հանդիպումը Գահիրէի մէջ։

Mar 07, 202406:49
«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 5-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 5-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ԳԼԱՄԱՐ (Փարիզեան շրջան) - Ոգեկոչման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ Միսաք Մանուշեանի պանթէոնականացման առթիւ։

Ազնաւուրի յուշարձանին համար յայտարարուած մրցոյթը շահած է Դաւիթ Մինասեանի «Լա Պոհեմ» քանդակը։

ԻՐԱՆ - Արա Շահվերդեան եւ Գեղարդ Մանսուրեան՝ Իրանի խորհրդարանի նորընտիր հայ երեսփոխանները։

Երբ Վարդավառը մուտք կը գործէ Տիզնիի աշխարհէն ներս։

Mar 05, 202410:39
«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 2-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Մարտ 2-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Մարսիլիոյ մէջ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի անունով դպրոց մը պիտի անուանակոչուի։

ՓԱՐԻԶ - Միսաք Մանուշեանին եւ Շառլ Ազնաւուրին նուիրուած դրոշմաթուղթերու հրապարակման արարողութիւնը։

ՖՐԱՆՍԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Համագործակցութեան յուշագիր՝ Անթոնի քաղաքի եւ Հայաստանի Աթլեթիզմի դաշնակցութեան միջեւ։

Եւրոպական խորհրդարանի  նոր  բանաձեւերը.  «Անյապաղ  պատիժներ  կիրարկել  Ազերպայճանի  դէմ»։

Mar 02, 202408:40
«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 29-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 29-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Ֆրանսական թղթատարէն՝ Մանուշեանի նուիրուած դրոշմաթուղթեր։

Վարչապետ Փաշինեանի աշխատանքային այցը՝ Յունաստան։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Բողոքի ցոյց՝ ի յիշատակ Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ  զոհուած հայորդիներու յիշատակին։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ - 7-րդ դասարանի աշակերտներու ծնողներ դատ բացած են ԿԳՄՄ նախարարութեան դէմ։


Feb 29, 202405:57
«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 27-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 27-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Լեմքին հիմնարկ.  «Սահմանադրութեան եւ մշակութային խորհրդանիշերու  փոփոխութեան  մասին  Հայաստանի  յայտարարութիւնները  մտահոգիչ  են»։

Ֆրանսայի Բանակներու նախարար Սեպասթիէն Լըքոռնիւի Հայաստան այցելութիւնը։

Փաշինեան. «Հայաստանի վրայ Ազերպայճանի յшրձակումը շատ հաւանական է»։

Լուիզա Գրիգորեան Ասլանյան (1906, Թաւրիզ, Իրան – 1945, Ռավենսպրիւք), գրող եւ բանաստեղծ, ծանօթ՝ ԼԱՍ ծածկանունով՝ Դիմադրական, զոհուած՝ Ֆրանսայի համար։

Feb 27, 202408:27
«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 24-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 24-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՓԱՐԻԶ - Միսաք Մանուշեանի աճիւններուն Պանթէոն փոխադրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը։

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը միջազգային Ողիմպիական յանձնախումբին կոչ կ՚ընէ հանդէս գալու Փարիզի խաղերուն Ազերպայճանի մասնակցութեան դէմ։

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ - Թրակիոյ «Տեմոքրիթոս» համալսարանին մէջ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն հիմնելու համաձայնագիր ստորագրուած է։

Feb 24, 202406:08
«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 22-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 22-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ԹՈՒԼՈՒԶ - Ոգեկոչման հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ նուիրուած Միսաք Մանուշեանի յիշատակին։

Միսաք Մանուշեանի վերջին նամակը՝ կնոջը՝ Մելինէին։

Արցախեան շարժումին 36-ամեակին առիթով՝ Սամուէլ Շահրամանեան Արցախի այլ պաշտօնատարներուն հետ յարգանքի տուրք մատուցած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ։

Feb 22, 202408:08
«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 20-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 20-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Մահ՝ հանրածանօթ լուսանկարիչ Ռոժէ Գասպարեանի։

Լիւքսեմպուրկի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան գրասենեակին բացումը կատարուած է։


ՓԱՐԻԶ - Հանդիսաւոր ընդունելութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի վերանկախացած Հանրապետութեան բանակի 32-րդ տարեդարձին։

ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Վարդանանց տօնը՝ Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Feb 20, 202407:53
«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 22-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 22-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Մահ՝ հանրածանօթ լուսանկարիչ Ռոժէ Գասպարեանի։

Լիւքսեմպուրկի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան գրասենեակին բացումը կատարուած է։


ՓԱՐԻԶ - Հանդիսաւոր ընդունելութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի վերանկախացած Հանրապետութեան բանակի 32-րդ տարեդարձին։

ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Վարդանանց տօնը՝ Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Feb 20, 202407:53
«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 17-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 17-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Ֆրանսա - Հայաստան՝ դեսպանութեան համար կը գնէ Ժիսքար տ՚Էսթենին պատկանող շէնքը։

ՊՐԻՒՍԷԼ - Արարատ Միրզոյեան՝ Նաթալի Լուազօն պարգեւատրած է Հայաստանի երախտագիտութեան շքանշանով։

ԵՄ-ը յաւելեալ 5,5 միլիոն եւրօ մարդասիրական օգնութիւն կը յատկացնէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն։

Էդիտա Գզոյեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նորընտիր տնօրէնը։

ՊՈԼԻՍ - Հատտէճեան եւ Սարըասլան պարգեւատրուած են։

Feb 17, 202408:47
«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 15-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 15-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Վանդալական արարքներ՝ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ։

Ֆրանսական Veolia-ն արեգակնային վահանակներ տեղադրած է Գաւառի մէջ։

«Երեւան» պատանեկան սիմֆոնիք նուագախումբի անդրանիկ համերգը։

Երեսփոխան Արմէն Խաչատրեան. «Հայաստան ունի զէնքի ձեռքբերման շատ լուրջ պայմանագրեր ոչ միայն Հնդկաստանի ու Ֆրանսայի հետ»։

Feb 15, 202404:02
«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 13-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 13-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Ֆրանսախօսութեան մարզամշակութային խաղերու կազմակերպման իրաւունքը շնորհուած է Երեւանին։

Պաքու պարզաբանած է, թէ ո՛ր փաստաթուղթերուն մէջ եւս հարցեր կը տեսնէ։

Հիքմեթ Հաճիեւ. «Մեզի համար ռազմական գործողութիւններու շրջանը աւարտած է, նկատի ունենալով որ վերականգնած ենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը։

Feb 13, 202404:47
«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 10-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 10-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Կիյոմ Գասպարեան նշանակուեցաւ Ֆրանսայի բնակարանի նախարար։

ԼԱ ՀԷՅ - Հռոմի կանոնադրութեան՝ Հայաստանի անդամակցութեան պաշտօնական արարողութիւնը։

Ամերիկացի լրագրողուհին կը զգուշացնէ՝ «Ազերպայճան դարձեալ հող կը պատրաստէ յարձակման»։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ–Տնտեսական - HSBC դրամատունը իր գործունէութիւնը  կը դադրեցնէ Հայաստանի մէջ։

ԳԵՐՄԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Առաջնորդ Սրբազան հօր հովուական այցելութիւնը Միւնիխի հայ համայնքին։

Feb 10, 202407:50
«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 8-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 8-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը 1 միլիոն տոլար արժող յաւելեալ աջակցութիւն կը տրամադրէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն։

Սրբապղծուած է Արցախի Վանքասարի եկեղեցին ալ։ Ազերպայճանի մշակութային ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի։

Կարմիր խաչը տեսակցած է Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայերուն հետ։

Պապիկեան. «Հայաստան կ՚ընդլայնէ սպառազինութեան ձերքբերման գործընկերութեան ցանցը»։

Feb 08, 202408:15
«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 6-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 6-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՖՐԱՆՍԱ - Գաննի հայկական մշակոյթի շաբաթը։


Նախագահական ընտրութեան ընդառաջ՝ ֆրանսական մամուլը կը դատապարտէ Ազերպայճանի բռնապետութիւնը։

ՄԱՐՍԻԼԻԱ - Կրթական մշակ Անի Յովսէփեանի ողբերգական մահը։

ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Զախոյի նորակառոյց եկեղեցւոյ խաչերուն օծումը կատարուած է։

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ռազմական ակադեմիաներու ներկայացուցիչները քննարկած են համագործակցութեան առնչուող հարցեր։

Feb 06, 202410:11
«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 3-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 3-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Ալ. Սպենդիարեան օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնի մեներգիչ Գէորգ Յակոբեանի ելոյթը՝ Պերլինի օփերայի բեմէն։

Սերգեյ Սմբատեան նշանակուած է Պերլինի սիմֆոնիկ նուագախումբի հրաւիրեալ խմբավար։

Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է Չեխիոյ ամրոցներուն եւ դղեակներուն նուիրուած ցուցահանդէսին։

«Ազնաւուր» հիմնադրամը՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն համար։

Ալիեւ. «Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւններու պարագային կարելի կ՚ըլլայ խաղաղութեան հասնիլ»։

Feb 03, 202409:52
«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 1-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Փետրուար 1-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» համաեւրոպական զօրաշարժ։

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ-ՌԵՆՍԻ - «Դպրոցասէր»-ի յարկին տակ՝ Մելինէ Մանուշեանի յուշատախտակին բացման հանդիսութիւնը։

Պաքու կը մերժէ յարձակումը բացառելու մասին Փաշինեանի առաջարկը եւ կը յորդորէ վերջ տալ Սահմանադրութեան մէջ իրեն դէմ «ոտնձգութիւններուն»։

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախկին նախարարը Պաքուէն կը սպառնայ Հայաստանին։

Feb 01, 202405:38
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 30-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 30-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՓԱՐԻԶ - ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»-ի բողոքի ցոյցը Մշակոյթի նախարարութեան առջեւ։

«Թիֆլիսի Ներսիսեան հոգեւոր դպրոց-200» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը։


ՊՈԼԻՍ - Անծանօթներ Պոլսոյ իտալական մէկ եկեղեցին խուժած ու կրակ բացած են. կայ զոհ մը։

Հայաստանի բանակի կազմաւորման 32-րդ տարեդարձին առթիւ յարգանքի տուրք՝ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ։

Պաքուի մէջ Հայաստանի մարդասիրական քայլը ընկալուած է իբրեւ սպառնալիքի եւ մեղադրանքներու նոր առիթ մը։

Jan 30, 202409:27
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 27-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 27-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ - Ազերպայճանի պատուիրակութիւնը առնուազն մէկ տարի կը վտարուի ԵԽԽՎ-էն։

ՊՐԻՒՍԷԼ - Եւրոպական խորհրդարանի «Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային և հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութիւն» բնաբանով համաժողովը։

Հայ մեծանուն բանաստեղծ, գրականագէտ, թարգմանիչ Պարոյր Սեւակի 100-ամեակը՝ իր ծննդավայր Զանգակատուն գիւղին մէջ։

Ազերպայճանի վանդալական արարքները կը շարունակուին

Սրբապղծուած է Սպիտակ խաչ վանքը։

ԻՏԱԼԻԱ - «Մեր ժամանակներու մշակութային ցեղասպանութիւնը։ Նախիջեւան. հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան ոչնչացումը» խորագրեալ գիրքի շնորհահանդէսը։

Jan 27, 202409:26
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 25-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 25-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է Ֆրանսայի շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանին։

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ

Ազերպայճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւններու սահմանափակման հարցը՝ ԵԽԽՎ-ի օրակարգին։

Գիւմրիի մէջ պաշտօնապէս իր դռները բացած է ֆրանքեւհայկական հոգեբանական եւ ընկերային աջակցութեան կեդրոնը։

«իԳործ» 2024 ծրագրով սփիւռքահայ մասնագէտները կը հրաւիրուին աշխատելու Հայաստանի կառավարման համակարգին մէջ։

Jan 25, 202408:33
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 23-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՖՐԱՆՍԱ - Նախագահ Մաքրոն բանակին յղած ուղերձին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանին։

ՊՈԼԻՍ - Հրանդ Տինքի մահուան 17-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութիւնը։

ԻՏԱԼԻԱ - Էմանիւէլ Ճգնաւորեան՝ Միլանոյի սնմֆոնիք նուագախումբի նորանշանակ երաժշտական ղեկավարը։

ՓԱՐԻԶ - Վերապատուելի Սամուէլ Սահակեանին շնորհուած է «Բարեկամութեան շքանշան»-ը։

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ - Իսի-լէ-Մուլինոյի մէջ հիմնուած է ՀՅԴ «Արտակ Իշխանեան» պատանեկան միութիւնը։

Jan 23, 202409:13
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 20-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 20-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՖՐԱՆՍԱ - Ծերակոյտը որդեգրեց Ազերպայճանի դէմ պատիժներ պահանջող բանաձեւը։

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ - Կը թարմանայ Կոպէլեանի յիշատակը։

ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Համպուրկ - Պատանի ջութակահար Դաւիթ Բաբայեան միջազգային մրցոյթին արժանացած է 2-րդ մրցանակի։

Jan 20, 202407:59
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 18-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 18-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՇԱՒԻԼ - Հրանդ Նորշէն ներկայացուց իր նոր հատորը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը՝ Պաքուի Հայութեան ջարդերու մասին։

Եւրոպական Միութիւնը կը զգուշացնէ Ազերպայճանը, թէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում ծանր հետեւանքներ կ՚ունենայ…։

ՖՐԱՆՍԱ - «Mezzo» հեռատեսիլի կայանը կը ցուցադրէ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի համերգները

ՍՈՒՐԻԱ – Հասեքէ - Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող մշակութային ձեռնարկ։

Jan 18, 202408:22
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 16-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Ռաշիտա Տաթի նշանակուեցաւ Մշակոյթի նախարար. Ազերպայճան իր բանբերը ունեցաւ Ֆրանսայի կառավարութեան մէջ։

CCAF կ՚ափսոսայ եւ կը դատապարտէ տիկին Ռաշիտա Տաթիի նշանակումը Մշակոյթի նախարարի պաշտօնին։


«Մոքսի» մարդամաքենան գլխաւոր մրցանակը շահած է Լաս Վեկասի մէջ։


Իրանցի փորձագէտ. «Ալիեւ կը փորձէ Հայաստանը զրկել տարանցման կարելիութիւններէն»։

Jan 16, 202408:18
«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 13-ի ձայնագրեալ լրահոսը

«Նոր Յառաջ» 2024 Յունուար 13-ի ձայնագրեալ լրահոսը

Թենի Մելիտոնեան «Օսքար»-ի գլխաւոր տնօրէնուհի նշանակուած է։

ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿ - Սերգեյ Փարաճանովի արձանի բացման արարողութիւնը։

Ալիեւ. «Եթէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը չբացուի, Ազերպայճան՝ Հայաստանի հետ սահմանը որեւէ այլ կէտի մէջ պիտի չբանայ»։


Սպայակոյտի պետը հրահանգած է պայքարիլ բանակ ներթափանցող արատաւոր երեւոյթներու դէմ։

Jan 13, 202409:43